2009-05-01 13:04:54

Հայկական Երաժշտութիւն - Հայկական երաժշտութեան վարպետները`

Ազատ Մանուկեան


Հայկական Երաժշտութիւն - Հայկական երաժշտութեան վարպետները`

Ազատ Մանուկեան

Ազատ Մանուկեան ծնած է 1878-ին, Երզնկայի գաւառի Մեծ Ագարակ գիւղին մէջ։ Անշուշտ Արեւմտեան Հայաստանի այս գաւառին մէջ ան մնաց եւ առաջին զարգացումն ստացաւ. Սակայն հաւանաբար արդէն Հայոց ցեղասպանութեան շրջանին` անոր ընտանիքը ապաստան գտած էին Վաստան եւ Հայաստան եւ Ազատ բնակած է շրջան մը Թիֆլիս, ապա` Երեւան։

Իր երիտասարդութեան շրջանին մասին մասնաւոր տեղեկութիւններ չունինք, սակայն իր բնակած երկրին մէջ արդէն երաժշտական ուսում ստացած է Կարա-Մուրզայի ձեռքին տակ, սորվելով խմբավարութեան արուեստը. ապա զայն կատարելագործած է անցնելով Սան Պետերպուրկ, ուր հետեւած է պալատական երգչախումբի դասընթացքներուն, 1903-1905 թուականը։ Ապա զինք կը գտնենք որպէս վաստակաւոր երգահան, վերջը` երգուսոյց ու մանկավարժ, ինչպէս նաեւ խմբավար մանկական երգչախումբերու, թէ Թիֆլիսի եւ թէ Երեւանի հայկական դպրոցներուն մէջ։ Ան նոյնիսկ ստացած է աշխատանքի հերոսի պատուոյ նշանը, 1935-ին, Երեւանի մէջ։

Մանուկեանի ստեղծագործութիւնը ընդհանրապէս մանկական երգերու եւ խմբերգներու վրայ է։ Ան մասնագիտացած է մանկավարժական բաժնի մէջ, մասնաւորապէս երգի ուսուցումի եւ խմբավարութեան մարզերէն ներս։ Ան հեղինակն է նաեւ բազմաթիւ մանկական երգերու եւ խմբերգներու։ Յետագային իր բոլոր գործերը ամփոփուեցան Փնջիկ կոչուած իրերայաջորդ տասը ժողովածուներու մէջ։

Ան ունի նաեւ շարք մը մանկական օփերաներ, որ նորութիւն մը հանդիսացան հայ երաժշտական արուեստին մէջ այդ շրջաններուն։ Անշուշտ օգտուած է մեծ հեղինակներու եւ առակագիրներու գրութիւններէն եւ առնելով անոնց պատմած դէպքը, կամ յաճախ առասպելական պատմութիւնը, զայն վերածած է օփերէթի։

Յիշենք առաջիններէն` Չարի վերջը, որ առակ մըն է պատմուած Յովհաննէս Թումանեանի կողմէ եւ ուր կը պատմէ հեղինակը թէ ինչպէս արջը կը ջանայ ծուղակի մէջ ձգել աղուէսը, որ սակայն իր առասպելական ճարպիկութեամբ` կ՛ազատէ իր օձիքը եւ արջը կը ստանայ այս անգամ իր արդար պատիժը։ Այս օփերէթը բեմադրուած է Երեւանի մէջ 1936 թուականին։

Ապա այս առաջին յաջողութենէն քաջալերուած` օեփրէթի վերածած է Բուշկինի Ոսկի ձկնիկը հէքեաթը, եւ զայն բեմադրած 1937-ին. Հոս եւս առակը շինիչ պատմութիւն մը ունի, որ կը յայտնէ թէ ինչպէս կնոջ մը ընչաքաղցութիւնը ոչինչի կը վերածէ անբաւ հարստութիւն մը որ ոսկիէ ձկնիկ մը ապահոված էր իրեն եւ իր ձկնորս ամուսինին։

Կը յաջորդեն ուրիշ պատմուածքներու բեմադրութիւններ, միշտ ընկերացած երաժշտութեամբ. Մանուէլեանի Սասունցի մանուկ Դաւիթը, 1939-ին, Մխիթարեանի երկու առակները` Յամառ գորտը, 1946-ին, եւ Կամակոր Նունիկը, 1952-ին։

Ունի նաեւ մենագրութիւն մը ռուս հեղինակ Բուշկինի մասին, որ է. Բուշկինը դպրոցական երգերում, գրուած 1937-ին։

Ազատ Մանուկեան պարգեւատրուած է նաեւ երկու ուրիշ շքանշաններով, մին` Աշխատանքային Կարմիր դրօշի շքանշանն է, իսկ միւսը` Լենինի պատուոյ շքանշանն է։ Կրնանք ըսել թէ ան եղած է մեր հայ ազգի առաջին մանկավարժ երաժիշտը, որ նոր դարագլուխ մը բացած է այս ւիւղին մէջ, իր հանճարեղ ստեղծագործութիւններով։








All the contents on this site are copyrighted ©.